Իններորդ Գլուխ

Յիսուս Անդամալոյծ Մարդ մը Կը Բժշկէ (Մր 2.1-12: Ղկ 5.17-26) 1 Յիսուս նաւակ մը մտաւ եւ լիճին միւս կողմը անցնելով եկաւ իր քաղաքը [Կափառնայում]: 2 Ահա իրեն բերին անդամալոյծ մարդ մը՝ մահիճի մը վրայ պառկած: Տեսնելով անոնց հաւատքը, Յիսուս անդամալոյծ մարդուն ըսաւ. «Որդեա՛կ, քաջալերուէ՛: Մեղքերդ ներուած են քեզի»: 3 Օրէնքի ուսուցիչներէն ոմանք իրենց միտքէն կ'ըսէին. «Այս մարդուն ըրածը հայհոյութիւն է [ան Աստուծոյ վերապահուած իրաւունքները եւ իրաւասութիւնները իրեն կը վերագրէ]»: 4 Յիսուս գիտնալով, թէ անոնք ի՛նչ կը մտածէին, ըսաւ. «Ինչո՞ւ չար բաներ կը մտածէք: 5 Ո՞ր մէկը աւելի դիւրին է ըսելը՝ “Մեղքերդ ներուա՞ծ են” կամ “Ոտքի՛ ել եւ քալէ՛”: 6 Բայց որպէսզի գիտնաք, որ Մարդու Որդին երկրի վրայ իշխանութիւն ունի մեղքերը ներելու, դառնալով անդամալոյծին ըսաւ, «Ոտքի՛ ել, ա՛ռ մահիճդ եւ տունդ գնա՛»: 7 Եւ մարդը ոտքի ելաւ եւ իր տունը գնաց: 8 Երբ բազմութիւնը տեսաւ ատիկա, վախով լեցուեցաւ եւ փառաւորեց զԱստուած, որ այդպիսի իշխանութիւն կու տայ մարդոց: Յիսուս Կը Կանչէ Մատթէոսը (Մր 2.13-17: Ղկ 5.27-32) 9 Քիչ մը առջեւ երթալով, Յիսուս տեսաւ մաքսաւոր մը, Մատթէոս անունով, որ նստած մաքս կը հաւաքէր վրանին տակ: Անոր ըսաւ. «Հետեւէ՛ ինծի»: Ան ալ ոտքի ելաւ եւ հետեւեցաւ անոր: 10 Եւ մինչ Յիսուս անոր տան մէջ սեղան բազմած էր, շատ մը մաքսաւորներ եւ մեղաւորներ եկան եւ նստան Յիսուսի եւ իր աշակերտներուն հետ: 11 Ատիկա տեսնելով, փարիսեցիները ըսին Յիսուսի աշակերտներուն. «Ինչո՞ւ ձեր վարդապետը մաքսաւորներու եւ մեղաւորներու հետ կը ճաշէ»: 12 Երբ Յիսուս ատիկա լսեց, ըսաւ. «Առողջները չեն, որ պէտք ունին բժիշկի, այլ՝ հիւանդները: 13 Գացէ՛ք եւ սորվեցէ՛ք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ հետեւեալ խօսքը՝ “Ես ողորմութիւն [այսինքն՝ պատրաստակամութիւն դժուարութեան մէջ եղողներուն օգնելու] կը փափաքիմ, եւ ո՛չ թէ զոհ” [Մտ 12.7: Ովս 6.6]: Քանի որ ես չեկայ արդարները [իրենք զիրենք Աստուծոյ առջեւ արդար սեպողները] կանչելու [ապաշխարութեան], այլ՝ մեղաւորները [անոնք, որոնք ազատ չեն մեղքէն]»: 14 Ապա Յովհաննէսի աշակերտները մօտեցան Յիսուսի եւ ըսին. «Ինչո՞ւ մենք եւ փարիսեցիները յաճախ ծոմ կը պահենք [իբրեւ կրօնական վարժութիւն], իսկ քու աշակերտներդ ծոմ չեն պահեր»: 15 Յիսուս անոնց ըսաւ. «Հարսանիքի հրաւիրեալները կրնա՞ն սուգ պահել մինչ փեսան տակաւին իրենց հետ է: Բայց օրեր պիտի գան երբ փեսան պիտի առնուի իրենցմէ, եւ այն ատեն անոնք ծոմ պիտի պահեն: 16 «Ոչ ոք չլուացուած նոր կտոր մը կը գործածէ հին հագուստի մը վրայ կարկտան ընելու, որովհետեւ նոր կտորը քաշուելով հագուստը կը պատռտէ եւ աւելի մեծ պատռուածք մը յառաջ կը բերէ: 17 Նմանապէս, ոչ ոք նոր գինին կը լեցնէ հին տիկերու մէջ: Եթէ այդպէս ընեն, տիկերը կը պատռուին, գինին կը թափի եւ տիկերը կը փճանան: Ընդհակառակը, նոր գինին կը դնեն նոր տիկերու մէջ, եւ այդպիսով երկուքն ալ կը պահուին»: 18 Մինչ Յիսուս այդ բաները կ'ըսէր անոնց, ահա հրեայ ժողովրդապետ մը եկաւ եւ ծունկի գալով անոր առջեւ, ըսաւ. «Աղջիկս նոր մեռաւ, բայց եկուր եւ ձեռքդ դիր անոր վրայ ու ան պիտի ողջննայ»: 19 Եւ Յիսուս ոտքի ելաւ ու հետեւեցաւ անոր: Աշակերտներն ալ ետեւէն գացին: 20 Մինչ կ'երթային, կին մը, որ տասներկու տարիէ ի վեր արիւնահոսութենէ կը տառապէր, Յիսուսի ետեւէն մօտեցաւ եւ դպաւ անոր հանդերձի քղանցքին: 21 Ան ինքն իրեն ըսած էր. «Եթէ միայն դպչիմ անոր հանդերձին, պիտի առողջանամ» [Մտ 14.36]: 22 Յիսուս դարձաւ, տեսաւ զայն եւ ըսաւ. «Աղջիկս, քաջալերուէ՛: Հաւատքդ քեզ բժշկեց»: Եւ կինը այդ պահուն բժշկուեցաւ: Երբ Յիսուս մտաւ ժողովրդապետին տունը եւ տեսաւ սրնգահարներն ու խռոված բազմութիւնը, 23 Երբ Յիսուս մտաւ ժողովրդապետին տունը եւ տեսաւ սրնգահարներն ու խռոված բազմութիւնը, 24 ըսաւ. «Մեկդի՛ կեցէք, քանի որ աղջնակը մեռած չէ, այլ՝ կը քնանայ»: Բայց անոնք խնդացին անոր վրայ եւ ծաղրեցին զայն: 25 Երբ բազմութիւնը դուրս հանուեցաւ, Յիսուս սենեակ մտաւ, բռնեց աղջնակին ձեռքէն, եւ ան ոտքի ելաւ: 26 Այդ լուրը տարածուեցաւ ամբողջ շրջանին մէջ: 27 Եւ մինչ Յիսուս կը հեռանար այդ շրջանէն, երկու կոյրեր հետեւեցան իրեն: Անոնք շարունակ կ'աղաղակէին, ըսելով. «Ողորմէ՛ մեզի, Դաւիթի Որդի»: 28 Երբ Յիսուս տուն մտաւ, կոյրերը իր քով եկան: Յիսուս ըսաւ անոնց. «Կը հաւատա՞ք, որ կրնամ բժշկել ձեզ»: Եւ անոնք ըսին. «Այո՛, Տէր»: 29 Այն ատեն Յիսուս անոնց աչքերուն դպչելով, ըսաւ. «Թող ըլլայ ձեզի ա՛յնպէս ինչպէս կը հաւատաք [կը վստահիք եւ կ'ապաւինիք իմ մէջս ներդրուած զօրութեան]», 30 եւ անմիջապէս անոնց աչքերը բացուեցան: Ապա Յիսուս խստօրէն պատուիրեց անոնց, ըսելով. «Զգոյշ եղէք, որ ոչ ոք գիտնայ այդ մասին»: 31 Բայց անոնք գացին եւ ամբողջ շրջանին մէջ պատմեցին իրենց հետ պատահածը: 32 Մինչ բժշկուած երկու մարդիկը կը մեկնէին, ահա համր դիւահար մարդ մը բերին Յիսուսի: 33 Երբ Յիսուս դեւը դուրս հանեց, համրը սկսաւ խօսիլ: Բոլորը զարմանքով ըսին. «Այսպիսի բան ասկէ առաջ բնաւ չէ տեսնուած Իսրայէլի մէջ»: 34 Փարիսեցիները կ'ըսէին. «Ան դեւերու իշխանին միջոցաւ կը հանէ չար ոգիները»: 35 Յիսուս կը շրջէր բոլոր քաղաքները եւ գիւղերը, շարունակ ուսուցանելով անոնց ժողովարաններուն մէջ՝ քարոզելով Թագաւորութեան Աւետարանը եւ զանոնք բժշկելով ամէն տեսակի ախտերէ եւ հիւանդութիւններէ: 36 Իր քով հաւաքուած բազմութիւնը տեսնելով, Յիսուս գթաց անոնց վրայ, որովհետեւ անոնք նեղութեան մէջ էին եւ յուսալքուած՝ հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս [Զք 10.2]: 37 Ուստի Յիսուս ըսաւ իր աշակերտներուն. «Հունձքը առատ է, բայց մշակները՝ քիչ: 38 Հետեւաբար խնդրեցէ՛ք հունձքի Տիրոջմէն, որպէսզի մշակներ ղրկէ իր հունձքի դաշտերը»: