Տասներորդ Գլուխ

Յիսուսի Տասներկու Առաքեալները (Մր 3.13-19: Ղկ 6.12-16: Գրծ 1.13) 1 Յիսուս իր քով կանչեց տասներկու աշակերտները եւ անոնց իշխանութիւն տուաւ պիղծ ոգիներուն վրայ, որպէսզի մարդոցմէ դուրս հանեն զանոնք, ինչպէս նաեւ մարդիկը բժշկեն ամէն տեսակի ախտէ եւ հիւանդութիւնէ: 2 Ասոնք են տասներկու առաքեալներուն անունները՝ առաջինը, Սիմոն, զոր նաեւ Պետրոս կոչեց եւ իր եղբայրը՝ Անդրէաս, Յակոբոս՝ Զեբեդէոսի որդին եւ իր եղբայրը՝ Յովհաննէս, 3 Փիլիպպոս եւ Բարթողոմէոս, Թովմաս եւ Մատթէոս՝ մաքսաւորը, Ալփէոսի որդին՝ Յակոբոս, Ղեբէոս, որ Թադէոս կոչուեցաւ, 4 Սիմոն Նախանձայոյզ [արամերէնով կանանացի, հռոմայեցիներուն դէմ դնող ազգային կուսակցութեան մը անունով] եւ Յուդա Իսկարիոտացի, որ մատնեց Յիսուսը: 5 Յիսուս այդ տասներկուքը ղրկեց, պատուիրելով՝ «Մի՛ երթաք հեթանոսներուն ապրած տեղերը եւ մի՛ մտնէք սամարացիներուն քաղաքները: 6 Փոխարէնը գացէ՛ք Իսրայէլի տան կորսուած ոչխարներուն, 7 եւ մինչ կ'երթաք, քարոզեցէ՛ք եւ ըսէ՛ք. “Երկինքի Թագաւորութիւնը մօտ է”: 8 Բժշկեցէ՛ք հիւանդները, յարուցանեցէ՛ք մեռելները, մաքրեցէ՛ք բորոտները եւ մարդոցմէ դո՛ւրս հանեցէք դեւերը: Ձրիօրէն ստացաք, ձրիօրէն ալ տուէք: 9 Ոսկի, արծաթ կամ պղինձ մի՛ կրէք ձեր գօտիներուն մէջ: 10 Ճամբորդութեան պայուսակ ալ մի՛ առնէք ձեզի հետ, ոչ ալ յաւելեալ բաճկոն, կօշիկ կամ գաւազան, քանի որ աշխատողը արժանի է իր կերակուրին [վարձքին]: 11 «Երբ քաղաք մը կամ գիւղ մը մտնէք, գտէ՛ք թէ ո՛վ արժանաւոր է եւ կը կամենայ ձեզ ընդունիլ, հոն մնացէ՛ք մինչեւ որ մեկնիք այդ շրջանէն: 12 Երբ մտնէք այդ տունը, բարեւեցէ՛ք տնեցիներուն՝ ըսելով. “Ողջոյն ձեզի”: 13 Եթէ անոնք արժանի են, թող ձեր ողջոյնին խաղաղութիւնը հանգչի անոնց վրայ, իսկ եթէ արժանի չեն, թող ձեր ողջոյնը ետ ձեզի դառնայ: 14 Ինչ կը վերաբերի անոնց, որոնք չեն ընդունիր ձեզ կամ մտիկ չեն ըներ ձեր խօսքերուն, երբ այդ տունէն կամ քաղաքէն կը մեկնիք, ձեր ոտքերուն փոշին թօթուեցէ՛ք: 15 Հաստատ գիտցէ՛ք, որ Դատաստանի Օրը Սոդոմի եւ Գոմորի բնակիչներուն պատիժը աւելի տանելի պիտի ըլլայ քան այդ քաղաքինը: 16 «Ահա Կը ղրկեմ ձեզ իբրեւ ոչխարներ գայլերու մէջ, ուստի եղէք խորագէտ օձերու պէս եւ անմեղ [անվնաս, անխարդախ եւ անկեղծ] աղաւնիներու պէս [Ծն 3.1]: 17 Զգո՛յշ եղէք կարգ մը մարդոցմէ, որոնք ձեզ դատարան պիտի տանին եւ պիտի խարազանեն ձեզ իրենց ժողովարաններուն մէջ: 18 Իմ պատճառովս ձեզ կառավարիչներու եւ թագաւորներու առջեւ պիտի հանեն, որպէսզի այդպիսով անոնց եւ բոլոր ազգերուն իմ մասիս վկայութիւն տաք: 19 Երբ ձեզ դատելու տանին, մի՛ մտահոգուիք, թէ ի՛նչպէս կամ ի՛նչ պիտի խօսիք, որովհետեւ այդ ատեն ձեր ըսելիքը ձեզի պիտի տրուի: 20 Դուք չէ, որ պիտի խօսիք, այլ՝ ձեր Հօր Հոգին է, որ պիտի խօսի ձեր միջոցաւ: 21 «Եղբայրը իր եղբայրը մահուան պիտի մատնէ, եւ հայրը՝ իր զաւակը: Զաւակները իրենց ծնողներուն դէմ պիտի ելլեն եւ անոնց մահուան պատճառ պիտի ըլլան: 22 Իմ անունիս պատճառով ատելի պիտի ըլլաք բոլորին: Բայց ան, որ մինչեւ վերջ դիմանայ [հաւատարիմ մնայ, համբերէ], պիտի փրկուի: 23 «Երբ հալածեն ձեզ քաղաքի մը մէջ, փախէ՛ք դէպի ուրիշ քաղաք մը: Վստահ եղէք, որ Իսրայէլի քաղաքները վերջացուցած պիտի չըլլաք Մարդու Որդիին գալուստէն առաջ: 24 «Աշակերտ մը իր ուսուցիչէն գերիվեր չէ, ոչ ալ ծառայ մը՝ իր տիրոջմէն: 25 Բաւարար է, որ աշակերտը իր ուսուցիչին պէս ըլլայ, եւ ծառան՝ իր տիրոջ: Եթէ տան տէրը Բէեղզեբուղ կոչեցին [Դ.Թգ 1.2], որքա՜ն աւելի վատ անուններ պիտի տան [չար բաներ ըսեն] անոր տան անդամներուն: 26 «Հետեւաբար մի՛ վախնաք անոնցմէ, որովհետեւ ահա ժամանակը կը հասնի երբ ամէն ծածուկ բան պիտի բացայայտուի, եւ ամէն գաղտնի բան պիտի գիտցուի: 27 Ինչ որ հիմա կ'ըսեմ ձեզի մութին մէջ, յայտարարեցէք զայն ցերեկի լոյսին մէջ, եւ այն ինչ որ ձեզի կը խօսիմ առանձնութեան մէջ, տանիքներէն հռչակեցէ՛ք բարձրաձայն: 28 Մի՛ վախնաք անոնցմէ, որոնք մարմինը կը սպաննեն, բայց անկարող են սպաննելու հոգին: Դուք վախցէք անկէ, որ կրնայ կորուստի մատնել թէ՛ հոգին եւ թէ՛ մարմինը դժոխքի մէջ: 29 «Երկու ճնճղուկը մէկ դահեկան չ'ա՞րժեր: Եւ սակայն անոնցմէ ոչ մէկը գետին կ'իյնայ առանց ձեր Հօրը գիտութեան: 30 Ինչ կը վերաբերի ձեզի, ձեր գլխուն իւրաքանչիւր մազն անգամ համրուած է [անոնց վախճանը նկատի առնուած է]: 31 Հետեւաբար, մի՛ վախնաք: Դուք շատ աւելի արժէքաւոր էք քան բոլոր ճնճղուկները: 32 «Ուրեմն ան, որ մարդոց առջեւ իմ հետեւորդս ըլլալ կը դաւանի, ես ալ զայն պիտի դաւանիմ իմ Հօրս առջեւ, որ երկինքն է: 33 Բայց ան, որ մարդոց առջեւ կ'ուրանայ զիս, ես ալ զինք պիտի ուրանամ իմ Հօրս առջեւ, որ երկինքն է: 34 «Մի՛ կարծէք, որ եկայ երկրի վրայ խաղաղութիւն բերելու: Չեկայ խաղաղութիւն բերելու, այլ՝ սուր: 35 Քանի որ ես եկայ, որ որդին իր հօրը դէմ դարձնեմ, դուստրը՝ իր մօրը, եւ հարսը՝ իր կեսուրին: 36 “Մարդուն թշնամիները իր ընտանիքին անդամները պիտի ըլլան”» [Մք 7.6]: 37 Ան, որ իր հայրը կամ մայրը ինձմէ աւելի կը սիրէ, արժանի չէ ինծի: Ան, որ իր որդին կամ դուստրը ինձմէ աւելի կը սիրէ, արժանի չէ ինծի: 38 Եւ ան, որ իր խաչը ուսին առնելով ինծի չի հետեւիր, արժանի չէ ինծի: 39 Ան, որ իր կեանքը [աշխարհիկ կեանքը] իրեն կը պահէ, պիտի կորսնցնէ զայն [երկնաւոր կեանքը], բայց ան, որ իր կեանքը [աշխարհիկ կեանքը] իմ սիրոյս կը կորսնցնէ՝ պիտի գտնէ զայն [երկնաւոր կեանքը]: 40 «Ան, որ կ'ընդունի ձեզ, զիս ընդունած կ'ըլլայ, եւ ան, որ զիս կ'ընդունի, ընդունած կ'ըլլայ նաեւ ան, որ ղրկեց զիս: 41 Ան, որ մարգարէ մը կ'ընդունի՝ մարգարէ մը ըլլալուն համար [Աստուծոյ խօսնակը ըլլալուն համար], պիտի ստանայ մարգարէի յատուկ [համարժէք] վարձատրութիւն, եւ ան, որ արդար մարդ մը կ'ընդունի՝ անոր արդար ըլլալուն համար, պիտի ստանայ արդարի [համարժէք] վարձատրութիւն: 42 Ան, որ նոյնիսկ գաւաթ մը պաղ ջուր կու տայ այս փոքրիկներէն մէկուն՝ իմ աշակերտս ըլլալուն համար, վստա՛հ եղէք որ իր վարձատրութիւնը բնաւ պիտի չկորսուի»: