Ութերորդ Գլուխ

Յիսուս Բորոտ Մարդ մը Կը Բժշկէ (Մր 1.40-45: Ղկ 5.12-14) 1 Երբ Յիսուս իջաւ լեռնէն, մեծ բազմութիւն մը հետեւեցաւ իրեն: 2 Ահա բորոտ մը եկաւ եւ իր առջեւ ծունկի գալով, ըսաւ. «Տէ՜ր, եթէ ուզես, կրնաս զիս մաքրել»: 3 Յիսուս ձեռքը երկարեց եւ դպաւ անոր, ըսելով՝ «Կ'ուզե՛մ: Մաքրուէ՛», եւ ան անմիջապէս մաքրուեցաւ իր բորոտութենէն: 4 Ապա Յիսուս ըսաւ անոր. «Նայէ՛ որ ոեւէ մէկուն բան մը չըսես: Բայց իբրեւ բորոտութենէդ բժշկուած ըլլալու վկայութիւն՝ ինքզինքդ ցոյց տուր քահանային եւ Մովսէսի պատուիրած զոհը մատուցանէ» [Ղւ 14.2]: 5 Երբ Յիսուս Կափառնայում մտաւ, հռոմայեցի հարիւրապետ մը եկաւ իրեն եւ աղաչելով, 6 ըսաւ. «Տէ՜ր, ծառաս տունը պառկած է անդամալոյծ վիճակի մէջ եւ սաստիկ ցաւէ կը տառապի»: 7 Յիսուս ըսաւ անոր. «Կու գամ եւ կը բժշկեմ զինք»: 8 Հարիւրապետը պատասխանեց. «Տէ՜ր, ես արժանի չեմ, որ դուն տունս մտնես: Միայն խօսքը ըսէ եւ ծառաս պիտի բժշկուի: 9 Որովհետեւ ես ալ իբրեւ իշխանութեան տակ եղող մարդ, իշխանութեանս տակ զինուորներ ունիմ: Ասոր կ'ըսեմ՝ “Գնա՛”, եւ կ'երթայ, ուրիշի մը կ'ըսեմ՝ “Եկո՛ւր”, եւ կու գայ, իսկ ծառայիս կ'ըսեմ՝ “Ասիկա՛ ըրէ”, եւ կ'ընէ»: 10 Երբ Յիսուս հարիւրապետին խօսքերը լսեց, հիացաւ եւ իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Ճշմարտապէս կ'ըսեմ ձեզի, որ ես Իսրայէլի մէջ այսպիսի հաւատք ունեցող մը չգտայ: 11 Կ'ըսեմ ձեզի, թէ արեւելքէն եւ արեւմուտքէն շատեր պիտի գան եւ Երկինքի Թագաւորութեան մէջ սեղան պիտի բազմին Աբրահամի, Իսահակի եւ Յակոբի հետ: 12 Իսկ անոնք, որոնք Թագաւորութեան ժառանգորդները պէտք էր ըլլային, դուրսի խաւարը պիտի նետուին, ուր պիտի ըլլայ լալ եւ ակռաներ կրճտել»: 13 Յիսուս ըսաւ հարիւրապետին. «Գնա՛ եւ ինչպէս հաւատացիր այդպէ՛ս ալ թող ըլլայ քեզի»: Եւ ճիշդ այդ պահուն ծառան բժշկուեցաւ: 14 Ապա Յիսուս եկաւ Պետրոսի տունը եւ տեսաւ, որ Պետրոսի զոքանչը հիւանդ պառկած էր՝ ջերմութեամբ: 15 Յիսուս դպաւ անոր գլխուն, եւ ջերմութիւնը ձգեց անոր մարմինը: Ապա ան ոտքի ելաւ եւ սկսաւ սպասարկել անոր: 16 Երեկոյեան մարդիկ Յիսուսի բերին շատ մը դիւահարներ: Ան իր խօսքով վտարեց պիղծ ոգիները եւ բժշկեց բոլոր հիւանդները, 17 որպէսզի կատարուի Եսայի մարգարէին կողմէ ըսուածը, թէ՝ «Անիկա մեր հիւանդութիւնները վերցուց եւ փարատեց մեր ցաւերը» [Ես 53.4]: 18 Երբ Յիսուս տեսաւ, որ իր շուրջը բազմութիւն մը հաւաքուած էր, հրաման ըրաւ, որ երթան Գալիլիայի Ծովուն միւս կողմը: 19 Օրէնքի ուսուցիչ մը մօտենալով իրեն հարցուց. «Վարդապե՛տ, ես քեզի պիտի հետեւիմ ո՛ւր որ ալ երթաս»: 20 Յիսուս անոր ըսաւ. «Աղուէսները որջեր ունին, երկինքի թռչունները՝ բոյներ, բայց Մարդու Որդին գլուխը դնելու տեղ մը չունի»: 21 Ուրիշ մը, որ Յիսուսի աշակերտներէն էր, ըսաւ իրեն. «Տէ՛ր, արտօնէ՛, որ նախ երթամ եւ հայրս թաղեմ»: 22 Յիսուս անոր ըսաւ. «Հետեւէ՛ ինծի, եւ ձգէ՛, որ մեռածները [հոգեւորապէս մեռածները] իրենց մեռելները թաղեն»: 23 Ա պա Յիսուս նաւակ մտաւ: Իր աշակերտներն ալ հետեւեցան իրեն: 24 Ահա մեծ փոթորիկ մը ելաւ ծովուն վրայ, այնպէս որ ալիքները նաւակը կը ծածկէին: Բայց Յիսուս կը քնանար: 25 Աշակերտները եկան եւ արթնցուցին զինք, ըսելով. «Ազատէ՛ մեզ, Տէ՜ր, կը կորսուինք»: 26 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ինչո՞ւ այդքան կը վախնաք, թերահաւատնե՛ր»: Ապա ոտքի ելաւ եւ սաստեց հովերն ու ծովը, եւ մեծ հանդարտութիւն տիրեց: 27 Բոլորը հիացած՝ կ'ըսէին. «Ի՜նչ տեսակի մարդ է սա, որ նոյնիսկ հովերը եւ ծովը կը հնազանդին իրեն»: 28 Երբ Յիսուս ծովուն միւս կողմը հասաւ՝ Գերգեսացիներու երկիրը, երկու դիւահարներ դիմացը ելան: Անոնք ժայռափոր գերեզմաններէն դուրս եկած էին եւ շատ կատաղի էին, այնպէս որ ոեւէ մէկը չէր համարձակեր այդ տեղէն անցնիլ: 29 Եւ ահա անոնք աղաղակեցին, ըսելով. «Ի՞նչ կ'ուզես մեզմէ, Աստուծո՛յ Որդի: Եկար մեզ ժամանակէն առա՞ջ տանջելու» [Դտ 11.2: Բ.Թգ 16.10]: 30 Խոզերու մեծ երամակ մը կար իրենցմէ քիչ մը հեռու: 31 Դեւերը կ'աղաչէին Յիսուսի, ըսելով. «Եթէ մեզ պիտի հանես, խոզերու երամակին մէջ ղրկէ»: 32 Յիսուս անոնց ըսաւ. «Գացէ՛ք»: Դեւերը մարդոցմէ ելլելով, գացին խոզերուն մէջ, եւ ահա ամբողջ երամակը զառիվայրէն վար վազելով, ծովը նետուեցաւ եւ ջուրին մէջ խեղդուեցաւ: 33 Խոզարածները փախչելով քաղաք գացին եւ ամէն բան պատմեցին, յատկապէս, թէ ի՛նչ պատահած էր դիւահարներուն: 34 Եւ ահա ամբողջ քաղաքը դուրս ելաւ՝ Յիսուսը տեսնելու: Երբ տեսան զինք, աղաչեցին, որ հեռանայ իրենց շրջանէն: