Եօթներորդ Գլուխ

Ուրիշները Չդատել (Ղկ 6.37-38,41-42) 1 «Մի՛ դատէք [քննադատէք եւ դատապարտէք] ուրիշները եւ Աստուած ալ ձեզ պիտի չդատէ [քննադատէ եւ դատապարտէ]: 2 Որովհետեւ ի՛նչ ձեւով, որ դուք կը դատէք, ա՛յնպէս ալ Աստուած պիտի դատէ ձեզ, եւ ի՛նչ չափանիշ, որ դուք կը գործածէք, ձեզ ալ նո՛յն չափանիշով պիտի դատէ: 3 Ինչո՞ւ եղբօրդ աչքին մէջ գտնուող շիւղը կը տեսնես, բայց նկատի չես առներ, որ քու աչքիդ մէջ գերան մը կայ: 4 Ի՞նչպէս կրնաս եղբօրդ ըսել՝ “Ձգէ՛, որ աչքիդ մէջ գտնուող շիւղը հանեմ”, մինչդեռ գերան մը ունիս աչքիդ մէջ: 5 Կեղծաւո՛ր, նախ գերանը հանէ՛ քու աչքէդ, որպէսզի յստակ տեսնես եւ կարենաս շիւղը հանել եղբօրդ աչքէն: 6 Սուրբ բանը շուներուն մի՛ տաք եւ ձեր մարգարիտները խոզերուն առջեւ մի՛ նետէք: Այլապէս անոնք կրնան կոխկռտել զանոնք եւ ապա դառնալ ու բզկտել ձեզ: 7 «Խնդրեցէ՛ք եւ պիտի տրուի ձեզի: Փնտռեցէ՛ք եւ պիտի գտնէք: Թակեցէ՛ք դուռը եւ պիտի բացուի ձեզի: 8 Որովհետեւ ա՛ն որ կը խնդրէ՝ կը ստանայ, ա՛ն որ կը փնտռէ՝ կը գտնէ, եւ անոր, որ կը թակէ՝ դուռը պիտի բացուի: 9 Կամ ձեզմէ ո՞վ, եթէ իր որդին բաղարջ մը հաց խնդրէ, քար կու տայ անոր: 10 Կամ եթէ ձուկ խնդրէ՝ օձ կու տայ անոր: 11 Հետեւաբար դուք, որ չար էք, գիտէք լաւ նուէրներ տալ ձեր զաւակներուն, ո՜րքան աւելի ձեր երկնաւոր Հայրը լաւ բաներ պիտի տայ անոնց, որոնք կը խնդրեն իրմէ: 12 Հետեւաբար ինչ բան որ կ'ուզէք, որ մարդիկ ընեն ձեզի, դուք ալ նոյնը պէտք է ընէք անոնց, որովհետեւ այդ սկզբունքը իր մէջ կը խտացնէ Օրէնքն ու մարգարէներու ուսուցումները: 13 «Նեղ դուռէն մտէք, որովհետեւ լայն է այն դուռը եւ ընդարձակ է այն ճամբան, որ կործանումի կը տանի, եւ կան շատեր, որոնք այդ ճամբան կ'առնեն: 14 Բայց նեղ է դուռը եւ դժուար է այն ճամբան, որ կեանքի կը տանի, եւ քիչեր կան, որոնք կը գտնեն զանիկա [Բ.Օր 30.19: Եր 21.8]: 15 «Զգուշացէ՛ք սուտ մարգարէներէն, որոնք ձեզի կու գան ոչխարի հագուստներով, բայց իրականութեան մէջ գիշատիչ գայլեր են [Եզ 22.27]: 16 Իրենց պտուղներէն պիտի գիտնաք զիրենք: Արդեօք փուշի թուփէն կարելի՞ է խաղող քաղել, կամ տատասկէն՝ թուզ: 17 Լաւ ծառը լաւ պտուղ կու տայ, մինչ վատ ծառը՝ վատ պտուղ: 18 Լաւ ծառը չի կրնար վատ պտուղ տալ, ոչ ալ վատ ծառը՝ լաւ պտուղ: 19 Ամէն ծառ, որ լաւ պտուղ չի տար, կը կտրուի եւ կրակը կը նետուի: 20 Ուրեմն իրենց պտուղներէն պիտի ճանչնաք զիրենք: 21 «Չկարծէք, թէ ամէն ով որ “Տէ՜ր, Տէ՜ր” կ'ըսէ ինծի, Երկինքի Թագաւորութիւնը պիտի մտնէ, այլ՝ միայն անոնք, որոնք կը գործադրեն կամքը իմ Հօրս, որ երկինքն է: 22 Այդ օրը շատեր պիտի ըսեն ինծի՝ “Տէ՜ր, Տէ՜ր, մենք չմարգարէացա՞նք քու անունովդ: Քու անունովդ դեւեր չհանեցի՞նք: Եւ քու անունովդ շատ մը հրաշքներ չըրի՞նք”: 23 Այն ատեն բացէ ի բաց պիտի ըսեմ անոնց. “Ես բնա՛ւ չեմ ճանչնար ձեզ: Հեռացէ՛ք ինձմէ, դո՛ւք, որ անօրէնութիւն կը գործէիք [կ'անտեսէիք իմ պատուիրաններս]” [Սղ 6.8]: 24 «Հետեւաբար ամէն ով որ կը լսէ խօսքերս եւ կը հնազանդի անոնց, պիտի ըլլայ իմաստուն մարդու մը պէս, որ իր տունը շինեց ժայռի մը վրայ: 25 Անձրեւներ եկան, ջուրերը յորդեցան, հովերը փչեցին ու զարկին այդ տան, բայց անիկա չկործանեցաւ, որովհետեւ հիմնուած էր ժայռին վրայ: 26 Բայց ամէն ով որ կը լսէ այս խօսքերս եւ չի հնազանդիր անոնց, պիտի ըլլայ անմիտ մարդու մը պէս, որ իր տունը շինեց աւազին վրայ: 27 Անձրեւներ եկան, ջուրերը յորդեցան, հովերը փչեցին ու զարկին այդ տան, եւ անիկա կործանեցաւ ու անոր կործանումը ամբողջական էր»: 28 Երբ Յիսուս վերջացուց խօսիլը, բազմութիւնը զարմացած էր անոր ուսուցումով, 29 որովհետեւ ան կ'ուսուցանէր հեղինակութեամբ եւ ոչ թէ Օրէնքի ուսուցիչներուն պէս: