Ուսուցում Ողորմութիւն Տալու Մասին 1 «Զգոյշ եղէք, որ ձեր պարեպաշտ գործերը [Տիրոջ հանդէպ ձեր պարտաւորութիւնները] մարդոց ցոյց տալու համար չընէք: Որովհետեւ այդ պարագային, վարձատրութիւն պիտի չստանաք ձեր Հօրմէն, որ երկինքն է: 2 Ուստի երբ ողորմութիւն կու տաս, փող մի՛ հնչեցներ ինչպէս կեղծաւորները կ'ընեն ժողովարաններուն եւ փողոցներուն մէջ, մարդոց կողմէ փառաւորուելու ակնկալութեամբ: Վստա՛հ եղէք, որ այդ պիտի ըլլայ անոնց ամբողջ վարձատրութիւնը: 3 Այլ՝ երբ ողորմութիւն կու տաս, թող ձախ ձեռքդ չգիտնայ, թէ աջ ձեռքդ ի՛նչ կ'ընէ, 4 որպէսզի ողորմութիւնդ գաղտնի տրուած ըլլայ: Այդ ատեն Հայրդ՝ որ գաղտնի ձեւով կատարուածը կը տեսնէ, յայտնապէս պիտի վարձատրէ քեզ: 5 «Երբ կ'աղօթես, կեղծաւորներուն մի՛ նմանիր, որոնք կը սիրեն ժողովարաններուն մէջ եւ փողոցներու անկիւնները կեցած աղօթել, որպէսզի մարդիկ իրենց աղօթելը տեսնեն: Վստա՛հ եղէք, միայն այդ պիտի ըլլայ անոնց վարձատրութիւնը: 6 Իսկ դուն՝ երբ կ'աղօթես, մտի՛ր քու ներքին սենեակդ, գոցէ՛ դուռը եւ աղօթէ՛ քու երկնաւոր Հօրդ: Եւ Հայրդ, որ գաղտնի ձեւով կատարուածը կը տեսնէ, յայտնապէս պիտի վարձատրէ քեզ: 7 Առաւել, երբ կ'աղօթէք, անօգուտ կրկնութիւններ մի՛ ընէք, ինչպէս հեթանոսները կ'ընեն, որովհետեւ անոնք կը կարծեն, թէ իրենց խօսքերուն շատութեան համար Աստուած զիրենք պիտի լսէ: 8 Հետեւաբար մի՛ նմանիք անոնց, որովհետեւ ձեր Հայրը գիտէ, թէ ի՛նչ բաներու պէտք ունիք նոյնիսկ ձեր խնդրելէն առաջ: 9 Ուրեմն ա՛յսպէս աղօթեցէք. “Հայր մեր, որ երկինքն ես, Սրբաբանուի՛ անունդ: 10 Թող գա՛յ Թագաւորութիւնդ: Թող ըլլայ կամքդ երկրի վրայ Ինչպէս որ է երկինքի մէջ: 11 Տո՛ւր մեզի մեր ամէն օրուան հացը: 12 Ներէ՛ մեզի մեր յանցանքները, Ինչպէս որ մենք կը ներենք Մեզի դէմ յանցանք գործողներուն: 13 Մի՛ արտօներ, որ փորձութեան մէջ իյնանք, Այլ՝ ազատէ՛ մեզ չարէն”: Որովհետեւ քուկդ են թագաւորութիւնը, զօրութիւնը եւ փառքը յաւիտեանս. ամէն: 1 14 «Որովհետեւ եթէ դուք ներէք մարդոց իրենց յանցանքները, ձեր Երկնաւոր Հայրն ալ ձեզի պիտի ներէ: 15 Բայց եթէ չներէք մարդոց իրենց յանցանքները, ձեր Երկնաւոր Հայրն ալ պիտի չներէ ձեր յանցանքները: 16 «Երբ ծոմ կը պահէք, կեղծաւորներուն պէս տրտումերես մի՛ ըլլաք. անոնք իրենք զիրենք խեղճ կը ձեւացնեն, որպէսզի մարդոց յայտնի ըլլայ, թէ ծոմ կ'ընեն: Վստահ եղէք, որ այդպիսով անոնք իրենց վարձատրութիւնը ամբողջութեամբ առած կ'ըլլան: 17 Իսկ դուն, երբ ծոմ կը պահես, օծէ՛ գլուխդ եւ լուա՛ երեսդ, 18 որպէսզի մարդոց յայտնի չըլլայ, թէ ծոմ կը պահես, այլ՝ միայն Հօրը, որ անտեսանելի է եւ կը տեսնէ քու կատարածդ, վարձատրէ քեզ: 19 «Գանձեր մի՛ դիզէք ձեզի համար երկրի վրայ, ուր ցեցը եւ ժանգը կը փճացնեն եւ ուր գողերը կը մտնեն եւ կը գողնան: 20 Փոխարէնը ձեզի համար երկինքի մէջ գանձեր դիզեցէք, ուր ո՛չ ցեցը ո՛չ ալ ժանգը կը փճացնեն եւ ուր գողերը չեն կրնար մտնել եւ գողնալ: 21 Հոն, ուր որ է քու գանձդ [ամենաշատ արժեւորած բանդ] հոն կապուած կ'ըլլայ քու սիրտդ: 22 «Աչքը մարմինին ճրագն է: Հետեւաբար եթէ աչքդ առողջ է, ամբողջ մարմինդ կը լեցուի լոյսով: 23 Իսկ եթէ աչքդ վատառողջ է, ամբողջ մարմինդ լեցուն կ'ըլլայ խաւարով: Հետեւաբար, եթէ քու մէջդ եղող լոյսը [խիղճդ] խաւարած է, ո՜րքան մութ է ուրեմն այդ խաւարը [այսինքն՝ ո՜րքան տիրապետուած ես խաւարով]: Ուսուցում Դրամի եւ Ստացուածքի Մասին (Ղկ 16.13, 12.22-31) 24 «Ոչ ոք կրնայ երկու տէրերու ծառայել, որովհետեւ կա՛մ պիտի ատէ մէկը եւ սիրէ միւսը, կամ ալ նուիրուած պիտի ըլլայ մէկուն եւ արհամարհէ միւսը: Նոյնպէս ալ դուք, չէք կրնար ծառայել Աստուծոյ եւ նոյն ատեն գերի ըլլալ դրամին [ստացուածքին եւ նիւթականին]: 25 Հետեւաբար, կ'ըսեմ ձեզի, մի՛ մտահոգուիք ձեր կեանքին համար՝ թէ ի՛նչ պիտի ուտէք կամ խմէք, ոչ ալ մտահոգուեցէք ձեր մարմինին համար, թէ ի՛նչ պիտի հագնիք: Չէ՞ որ կեանքը աւելի կարեւոր է քան սոսկ կերակուրը, եւ մարմինը աւելի կարեւոր՝ քան հագուստը: 26 Նայեցէ՛ք երկինքի թռչուններուն: Անոնք ոչ կը ցանեն, ոչ կը քաղեն, ոչ ալ շտեմարաններու մէջ կ'ամբարեն, բայց ձեր Երկնաւոր Հայրը կը կերակրէ զանոնք: Չէ՞ որ դուք անոնցմէ աւելի արժէքաւոր էք: 27 Ձեզմէ ո՞վ կրնայ մտահոգուելով մէկ կանգուն աւելցնել իր կեանքին վրայ: 28 Ուրեմն ինչո՞ւ կը մտահոգուիք հագուստով: Ձեր միտքը բերէք դաշտի շուշանները եւ թէ անոնք ի՛նչպէս կ'աճին: Անոնք չեն աշխատիր եւ կերպաս չեն հիւսեր: 29 Սակայն կ'ըսեմ ձեզի, որ նոյնիսկ Սողոմոն՝ իր ամբողջ փառքին մէջ անոնցմէ մէկուն պէս չկրցաւ հագնիլ: 30 Եթէ Աստուած ա՜յդքան գեղեցիկ կը հագցնէ դաշտի խոտը, որ այսօր կայ եւ վաղը կրակը կը նետուի, ո՜րքան աւելի լաւ պիտի հագցնէ ձեզ, թերահաւատնե՛ր: 31 Հետեւաբար մի՛ մտահոգուիք եւ ըսէք, թէ՝ «Ի՞նչ պիտի ուտենք», «Ի՞նչ պիտի խմենք» կամ «Ի՞նչ պիտի հագնինք»: 32 Որովհետեւ այդ մտահոգութիւնները հեթանոսներուն յատուկ են: Ձեր Երկնաւոր Հայրը գիտէ, որ բոլոր այդ բաներուն պէտք ունիք: 33 Ուրեմն՝ նախ խնդրեցէ՛ք, որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գայ եւ աշխատեցէ՛ք, որ անոր արդարութիւնը կատարուի, եւ այդ բոլոր բաները աւելիով պիտի տրուին ձեզի: 34 Հետեւաբար մի՛ մտահոգուիք վաղուան մասին, վաղուան մտահոգութիւնը վաղուան ձգեցէք: Իւրաքանչիւր օր արդէն ինքն իրեն համար բաւարար չարիք ունի իր մէջ»: