Հինգերորդ Գլուխ

1 Բազմութիւնը տեսնելով, Յիսուս լեռ բարձրացաւ եւ հոն նստաւ։ Իր աշակերտները իր քով եկան, 2 եւ ան սկսաւ իրենց ուսուցանել։ Երանելիները (Ղկ 6.20-23) Ան ըսաւ. - 3 Երանի՜ [Ուրախ, նախանձելի, հոգեւորապէս բարգաւաճ, այսինքն՝ կեանքի ուրախութեամբ եւ Աստուծոյ բարութեան ու փրկութեան նկատմամբ գոհունակութեամբ լեցուն՝ անկախ իր արտաքին պայմաններէն] հոգիով աղքատներուն [խոնարհներուն, որոնք իրենք զիրենք աննշան կը նկատեն], որովհետեւ իրենցն է Երկինքի Թագաւորութիւնը։ 4 Երանի՜ սգաւորներուն, որովհետեւ պիտի մխիթարուին [Ես 61.2]: 5 Երանի՜ խոնարհներուն [մեղմ, համբերատար եւ երկայնամիտ եղողներուն], որովհետեւ անոնք պիտի ժառանգեն երկիրը [Սղ 37.11]։ 6 Երանի՜ անոնց, որոնք անօթի ու ծարաւ են արդարութեան համար, որովհետեւ անոնք պիտի կշտանան [Ես 55.1,2]։ 7 Երանի՜ ողորմածներուն, որովհետեւ անոնք ողորմութիւն պիտի գտնեն: 8 Երանի՜ սիրտով մաքուրներուն, որովհետեւ անոնք զԱստուած պիտի տեսնեն [Սղ 24.3,4]։ 9 Երանի՜ խաղաղութիւն հաստատողներուն, որովհետեւ անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին։ 10 Երանի՜ անոնց, որոնք հալածուած են արդարութեան համար, որովհետեւ անոնցն է Երկինքի Թագաւորութիւնը։ 11 Երանի՜ ձեզի, երբ մարդիկ անարգեն եւ հալածեն ձեզ եւ ձեր մասին ամէն տեսակի չար եւ սխալ բաներ խօսին իմ հետեւորդներս ըլլալնուդ համար։ 12 Ցնծացէ՛ք եւ ուրախ եղէ՛ք, որովհետեւ ձեր վարձատրութիւնը մեծ է երկինքի մէջ, քանի որ ճիշդ նո՛յն ձեւով անոնք հալածեցին մարգարէները, որոնք ձեզմէ առաջ ապրեցան [Բ.Մն 36.16]։ 13 Դուք էք երկրի աղը։ Բայց եթէ աղը իր համը կորսնցնէ, ի՞նչպէս կարելի է զայն նորէն աղի վերածել։ Այլեւս անպէտք կ'ըլլայ եւ ուրիշ այլընտրանք չենք ունենար քան զայն թափելը եւ ձգելը, որ մարդիկ վրան կոխեն։ 14 Դուք էք աշխարհի լոյսը։ Լերան վրայ շինուած քաղաք մը չի կրնար պահուած մնալ։ 15 Ոչ ալ մարդիկ լապտեր մը կը վառեն եւ զանիկա կաթսայով մը կը ծածկեն: Անոնք զանիկա կը դնեն աշտանակին վրայ, որպէսզի լոյս տայ տան մէջ գտնուողներուն: 16 Հետեւաբար թող ձեր լոյսը մարդոց առջեւ փայլի այնպէս, որ անոնք ձեր բարի գործերը տեսնելով փառաւորեն ձեր Հայրը, որ երկինքն է: 17 «Մի՛ կարծէք որ ես եկայ Մովսէսի Օրէնքը կամ մարգարէներու ուսուցումները ջնջելու: Ես եկայ ո՛չ թէ ջնջելու, այլ՝ ամբողջացնելու։ 18 Հաստատ գիտցէք, որ բոլոր Օրէնքն ու մարգարէութիւնները պիտի կատարուին՝ առանց իսկ տառ մը դուրս ձգուելու, նախքան հասնի այն օրը, երբ այս երկինքն ու երկիրը անցնին։ 19 Հետեւաբար ան որ այս պատուիրաններէն ամենափոքրը խախտէ եւ ուրիշներուն ալ սորվեցնէ, որ նոյնը ընեն, Երկինքի Թագաւորութեան մէջ ամենափոքրը պիտի նկատուի։ Բայց ան որ կը գործադրէ այս պատուիրանները եւ կը սորվեցնէ զանոնք, Երկնքի Թագաւորութեան մէջ մեծ պիտի ըլլայ։ 20 Որովհետեւ կ’ըսեմ ձեզի, եթէ ձեր հաւատարմութիւնը փարիսեցներուն եւ Օրէնքի ուսուցիչներուն ունեցած հաւատարմութենէն աւելի չըլլայ, դուք որեւէ մէկ ձեւով պիտի չմտնէք Երկինքի Թագաւորութիւնը։ 21 «Լսած էք, որ անցեալին ըսուած է՝ “Մի՛ սպաննէք” եւ “Ա՛ն որ սպաննէ, պիտի դատապարտուի” [Ելք 20.13: Բ.Օր 5.17, 16.18]։ 22 Բայց ես կ’ըսեմ ձեզի, որ երբ մէկը առանց պատճառի մէկու մը դէմ բարկանայ [սրտի թշնամութիւն ունենաս], դատարան պիտի յանձնուի: Ո՛վ որ մէկը “Յիմա՛ր” կոչէ, ատեան պիտի կանչուի, եւ ո՛վ որ “Անմի՛տ” կոչէ, դժոխքի կրակին պիտի դատապարտուի: 23 «Հետեւաբար, եթէ զոհարանին առջեւ ընծադ Աստուծոյ մատուցանելու ատեն յիշես, որ մէկը վշտացած է քեզմէ, 24 խորանին առջե՛ւ ձգէ ընծադ, եւ գնա՛ ու հաշտուէ՛ անոր հետ, եւ ա՛պա եկուր ընծադ Աստուծոյ մատուցանէ։ 25 Եթէ մէկու մը հետ խնդիր մը ունիս եւ ան կ'ուզէ քեզ դատի կանչել, սկիզբէն համաձայնութեան եկուր անոր հետ, նախքան որ ան դատաւորին դիմէ, դատաւորը քեզ յանձնէ ոստիկանին եւ բանտ նետուիս: 26 Վստա՛հ եղիր, որ դուն այդ տեղէն պիտի չելլես մինչեւ որ պարտքիդ վերջին լուման վճարես։ 27 «Լսած էք, որ ըսուած է՝ “Մի՛ շնար” [Ելք 20.14: Բ.Օր 20.18]: 28 Բայց ես ձեզի կ'ըսեմ, թէ՝ ան որ կնոջ մը կը նայի ցանկութեամբ, արդէն իսկ իր սիրտին մէջ շնութիւն ըրած կ'ըլլայ անոր հետ: 29 Եթէ աջ աչքդ պատճառ ըլլայ, որ գայթակղիս, հանէ՛ եւ նետէ՛ զայն: Որովհետեւ քեզի համար աւելի լաւ է, որ անդամներէդ մէկը կորսնցնես, քան թէ ամբողջ մարմինովդ դժոխք նետուիս: 30 Եթէ աջ ձեռքդ պատճառ ըլլայ, որ սխալիս, կտրէ՛ եւ նետէ՛ զայն: Որովհետեւ քեզի համար աւելի լաւ է, որ անդամներէդ մէկը կորսնցնես, քան թէ ամբողջ մարմինովդ դժոխք նետուիս: 31 Նաեւ ըսուած է՝ “Ան որ իր կինը կ'արձակէ, թող ամուսնալուծման հաստատագիր տայ անոր”: 32 Բայց ես ձեզի կ'ըսեմ, թէ ան որ կ'արձակէ իր կինը առանց պոռնկութեան պատճառի, անոր շնութիւն ընելուն պատճառ կ'ըլլայ: Նոյնպէս շնութիւն ըրած կ'ըլլայ ան, որ կ'ամուսնանայ արձակուած կնոջ մը հետ [Բ.Օր 24.1-4]: 33 Դարձեալ, լսած էք, որ անցեալին ըսուած է՝ “Երդմնազանց մի՛ ըլլար, այլ՝ Տիրոջ ըրած երդումներդ կատարէ՛”: 34 Բայց ես ձեզի կ'ըսեմ՝ բնաւ երդում մի՛ ընէք՝ ո՛չ երկինքի վրայ, որովհետեւ անիկա Աստուծոյ գահն է, 35 ո՛չ երկրի վրայ, որովհետեւ անիկա Աստուծոյ ոտքերուն պատուանդանն է, ո՛չ ալ Երուսաղէմի վրայ, որովհետեւ անիկա Մեծ Թագաւորին քաղաքն է [Սղ 48.2: Ես 66.1]: 36 Ո՛չ ալ երդում ըրէք ձեր գլխուն վրայ, որովհետեւ չէք կրնար մէկ մազ անգամ ճերմկցնել կամ սեւցնել: 37 Այլ՝ թող ձեր “Այո”ն այո՛ ըլլայ եւ “Ոչ”ը՝ ո՛չ: Ատկէ աւելի որեւէ բան Չարախօսէն է [Ղւ 19.12, 30.2: Բ.Օր 23.21]: 38 «Լսած էք, որ ըսուած է՝ “Աչքի դէմ՝ աչք, եւ ակռայի դէմ՝ ակռայ” [Ելք 21.24: Ղւ 24.10: Բ.Օր 19.21]: 39 Բայց ես ձեզի կ'ըսեմ, մի՛ հակառակիր քեզի չարիք ընողին: Եթէ մէկը աջ այտիդ ապտակ զարնէ, միւս այտդ ալ իրեն դարձուր [Քեզի վնաս հասցնողին պատճառած ազդեցութեամբ մի՛ արտայայտուիր, հապա Քրիստոնէութեան վայել կերպով]: 40 Եթէ մէկը ուզէ քեզ դատի կանչել շապիկդ առնելու համար, բաճկոնդ ալ իրեն տուր: 41 Եթէ մէկը պարտադրէ քեզ, որ մէկ մղոն քալես հետը, երկո՛ւ մղոն գնա հետը: 42 Տո՛ւր անոր, որ կը խնդրէ քեզմէ, եւ մի՛ մերժեր անոր, որ կ'ուզէ փոխ առնել քեզմէ [Բ.Օր 15.8: Առ 24.29]: 43 «Լսած էք, որ ըսուած է՝ “Պէտք է սիրես դրացիդ, եւ ատես թշնամիդ” [Ղւ 19.18: Սղ 139.21,22]: 44 Բայց ես ձեզի կ'ըսեմ՝ սիրեցէ՛ք ձեր թշնամիները եւ աղօթեցէ՛ք անոնց համար, որոնք կը հալածեն ձեզ [Առ 25.21,22], օրհնեցէ՛ք անոնք, որոնք կ'անիծեն ձեզ, բարիք ըրէ՛ք անոնց, որոնք կ'ատեն ձեզ , 1 45 որպէսզի ըլլաք զաւակները ձեր Հօր, որ երկինքն է: Որովհետեւ ան իր արեւը կը ծագեցնէ չարին եւ բարիին վրայ, եւ անձրեւ կը ղրկէ արդարին եւ անարդարին վրայ: 46 Որովհետեւ եթէ միայն ձեզ սիրողները սիրէք, ի՞նչ վարձատրութիւն կրնաք սպասել Աստուծմէ: Մաքսաւորներն ալ նոյնը չե՞ն ըներ: 47 Եթէ միայն ձեր սիրելիներուն հետ բարեկամութիւն ընէք, հեթանոսներէն ի՞նչ աւելի բան ըրած կ'ըլլաք: Հեթանոսներն ալ նոյնը չե՞ն ըներ: 48 Հետեւաբար կատարեալ եղէք [աճելով միտքով եւ բնաւորութեամբ, աստուածպաշտութեան լիակատար հասունութիւնը ձեռք բերելով, հասնելով առաքինութեան եւ ուղղամտութեան պատշաճ հասակին], ինչպէս որ ձեր երկնաւոր Հայրը կատարեալ է [Ղւ 19.2,18]:


1«Օրհնեցէք ... ձեզ» բաժինը չի նշուիր բոլոր տարբերակներուն մէջ