Չորրորդ Գլուխ

Յիսուսի Փորձութիւնը (Մր 1.12-13: Ղկ 4.1-13) 1 Անկէ ետք Յիսուս Սուրբ Հոգիին կողմէ անապատ տարուեցաւ՝ Սատանայէն փորձուելու համար: 2 Քառասուն օր եւ քառասուն գիշեր ծոմ պահելէ ետք՝ Յիսուս անօթեցաւ [Ելք 34.28: Գ.Թգ 19.8]: 3 Այն ատեն Փորձիչը անոր մօտենալով ըսաւ. «Եթէ Աստուծոյ Որդին ես, հրամայէ՛ այս քարերուն, որ հաց դառնան: 4 Բայց Յիսուս պատասխանեց անոր եւ ըսաւ. «Օրէնքի գիրքին մէջ գրուած է. “Մարդ միայն հացով չ'ապրիր, հապա՝ Աստուծոյ բերանէն ելած ամէն մէկ խօսքով”» [Բ.Օր 8.3]: 5 Յետոյ Սատանան զինք տարաւ Սուրբ Քաղաքը՝ Երուսաղէմ եւ հանեց տաճարին աշտարակներէն մէկուն վրայ, 6 եւ ըսաւ անոր. «Եթէ Աստուծոյ Որդին ես, դուն քեզ վար նետէ, որովհետեւ գրուած է. «“Ան իր հրեշտակներուն պիտի պատուիրէ, որ քեզի հոգան. անոնք իրենց ձեռքերուն վրայ պիտի վերցնեն քեզ, որպէսզի ոտքդ քարի չզարնես”» [Սղ 91.11-12]: 7 Յիսուս ըսաւ անոր. «Դարձեալ Օրէնքի գիրքին մէջ գրուած է. “Քու Տէր Աստուածդ պէտք չէ փորձես”» [Բ.Օր 6.16]: 8 Դարձեալ, Սատանան զինք հանեց շատ բարձր լեռ մը եւ աշխարհի բոլոր թագաւորութիւններն ու անոնց փառքը [մեծութիւնը, շքեղութիւնը, նախապատուութիւնը եւ գերազանցութիւնը] ցոյց տալով, 9 ըսաւ անոր. «Այս բոլոր բաները քեզի կու տամ, եթէ երկրպագելով պաշտես զիս»: 10 Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոր. «Ետի՛ս գնա, Սատանայ: Օրէնքի գիրքին մէջ գրուած է. “Քու Տէր Աստուածդ պէտք է պաշտես եւ միայն անո՛ր ծառայութիւն ընես”» [Բ.Օր 6.13]: 11 Յետոյ Սատանան ձգեց զինք եւ հեռացաւ, եւ ահա հրեշտակները մօտեցան եւ ծառայեցին իրեն: 12 Երբ Յիսուս լսեց, որ Յովհաննէս բանտարկուեցաւ, Ան քաշուեցաւ Գալիլիա: 13 Ան ձգեց Նազարէթը, եւ գնաց բնակեցաւ Կափառնայումի մէջ, որ կը գտնուի Գալիլիայի ծովուն քով՝ Զաբուղոնի եւ Նեփթաղիմի տարածքներուն մէջ: 14 Ասիկա պատահեցաւ, որպէսզի կատարուի Եսայի մարգարէին ըսածը. 15 «Ո՜վ երկիր Զաբուղոնի եւ երկիր Նեփթաղիմի Դէպի ծովը տանող ճամբայ, Յորդանանէն անդին, հեթանոսներուն Գալիլիան [Իսրայէլէն չեղող ժողովուրդներուն] [Ես 9.1-2]: 16 Խաւարի մէջ ապրող ժողովուրդը մեծ լոյս մը տեսաւ Եւ մահուան աշխարհին ու շուքին մէջ ապրողներուն վրայ լոյս ծագեցաւ» [Ես 9.1-2]: 17 Այդ ժամանակէն սկսեալ Յիսուս սկսաւ քարոզել եւ ըսել. «Ապաշխարեցէ՛ք [դէպի լաւը փոխեցէ՛ք ձեր միտքը, սրտանց փոխեցէ՛ք ձեր ընթացքը՝ զզուելով ձեր անցեալի մեղքերէն], որովհետեւ Երկինքի Թագաւորութիւնը մօտեցած է»: 18 Երբ Յիսուս Գալիլիայի ծովուն եզերքը կը քալէր, տեսաւ երկու եղբայրներ՝ Սիմոնը, որ Պետրոս կը կոչուէր եւ անոր եղբայրը՝ Անդրէասը, որոնք իրենց ուռկանները ջուրը կը նետէին, որովհետեւ ձկնորսներ էին: 19 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Եկէ՛ք, ինծի հետեւեցէ՛ք [Եղէ՛ք աշակերտներ՝ զիս իբրեւ ձեր առաջնորդը ընդունելով] եւ ես ձեզ մարդու որսորդ պիտի ընեմ»: 20 Անոնք անմիջապէս ձգեցին իրենց ուռկանները եւ հետեւեցան [Կողմնակից ըլլալով աշակերտեցան] Յիսուսի: 21 Երբ Յիսուս կը հեռանար այդ տեղէն, տեսաւ երկու ուրիշ եղբայրներ՝ Զեբեդէոսի որդիները՝ Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը, որոնք իրենց հօր՝ Զեբեդէոսի հետ իրենց ուռկանները կը նորոգէին իրենց նաւակին մէջ: Յիսուս զանոնք ալ կանչեց, 22 եւ անոնք անմիջապէս ձգեցին նաւակն ու իրենց հայրը եւ հետեւեցան Յիսուսի: 23 Յիսուս կը շրջէր ամբողջ Գալիլիայի մէջ, ժողովարաններէն ներս կը սորվեցնէր, Թագաւորութեան Աւետարանը կը քարոզէր եւ ամէն տեսակի հիւանդութիւն եւ ցաւ ունեցողները կը բժշկէր: 24 Անոր մասին լուրերը տարածուեցան ամբողջ Սուրիայի մէջ, այդ պատճառով անոր կը բերէին զանազան հիւանդութիւններէ եւ ցաւերէ տառապողներ, դիւահարներ, լուսնոտներ եւ անդամալոյծներ, եւ ան կը բժշկէր զանոնք: 25 Մեծ բազմութիւններ կը հետեւէին Յիսուսի Գալիլիայէն, Դեկապոլիսէն [Գալիլիայի լիճին արեւելքը գտնուող տասը քաղաքներէ բաղկացած շրջանէն], Երուսաղէմէն, Յուդայէն, եւ Յորդանան գետի անդիի կողմէն: