Առաջին Գլուխ

Յիսուս Քրիստոսի Ազգատոհմը (Ղկ 3.23-38) 1 Աբրահամի որդիի, Դաւիթի որդիի՝ Յիսուս Քրիստոսի [Մեսիային, Օծեալին] ազգաբանութեան գիրքը [Սղ 132.11: Ես 11.1]: 2 Աբրահամ Իսահակի հայրն էր, Իսահակ Յակոբի հայրն էր, իսկ Յակոբ Յուդայի եւ անոր եղբայրներուն հայրն էր: 3 Յուդա Փարէսի եւ Զարայի հայրն էր՝ Թամարէն, Փարէս Եսրոնի հայրն էր, իսկ Եսրոն Արամի հայրն էր: 4 Արամ Ամինադաբի հայրն էր, Ամինադաբ՝ Նաասոնի, իսկ Նաասոն՝ Սաղմոնի: 5 Սաղմոն Բոոսի հայրն էր՝ Ռախաբէն, Բոոս հայրն էր Ովբեդի՝ Հռութէն, իսկ Ովբեդ հայրն էր Յեսսէի: 6 Յեսսէ հայրն էր Դաւիթ Թագաւորի: Դաւիթ հայրն էր Սողոմոնի՝ Ուրիայի կնոջմէն [Հռթ 4.18-22: Ա.Մն 2.13-15]: 7 Սողոմոն հայրն էր Ռոբովամի, Ռոբովամ հայրն էր Աբիայի, իսկ Աբիա հայրն էր Ասայի: 8 Ասա Յովսափատի հայրն էր, Յովսափատ՝ Յովրամի, իսկ Յովրամ՝ Ոզիայի: 9 Ոզիա հայրն էր Յովաթամի, Յովաթամ հայրն էր Աքազի, եւ Աքազ հայրն էր Եզեկիայի: 10 Եզեկիա Մանասէի հայրն էր, Մանասէ՝ Ամոնի, իսկ Ամոն Յովսիայի հայրն էր: 11 Յովսիա Յեքոնիայի եւ անոր եղբայրներուն հայրն էր՝ բաբելոնեան գերութեան ատեն [Դ.Թգ 24.14: Ա.Մն 3.15,16]: 12 Բաբելոնեան գերութենէն ետք, Յեքոնիա ծնաւ Սաղաթիէլը, Սաղաթիէլ նախահայրերէն մէկն էր Զօրաբաբէլի: 13 Զօրաբաբէլ հայրն էր Աբիուդի, Աբիուդ հայրն էր Եղիակիմի, իսկ Եղիակիմ հայրն էր Ազովրի: 14 Ազովր հայրն էր Սադովկի, Սադովկ հայրն էր Աքինի, իսկ Աքին հայրն էր Եղիուդի: 15 Եղիուդ Եղիազարի հայրն էր, Եղիազար՝ Մատթանի, իսկ Մատթան՝ Յակոբի: 16 Յակոբ հայրն էր Յովսէփի՝ Մարիամի նշանածին, որմէ ծնաւ Յիսուս, որ կը կոչուի Քրիստոսը: 17 Աբրահամէն մինչեւ Դաւիթ բոլոր սերունդները տասնչորս սերունդ էին, Դաւիթէն մինչեւ բաբելոնեան գերութիւնը՝ տասնչորս սերունդ, եւ բաբելոնեան գերութենէն մինչեւ Քրիստոսը՝ տասնչորս սերունդ: 18 Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը այսպէս եղաւ: Անոր մայրը՝ Մարիամ նշանուած էր Յովսէփի հետ, բայց նախքան ամուսնանալը, ան յղացաւ Սուրբ Հոգիէն: 19 Յովսէփ՝ որ արդար մարդ մըն էր, չուզելով հանրութեան առջեւ խայտառակ ընել Մարիամը, ուզեց լուռօրէն ետ ընել նշանախօսութիւնը: 20 Մինչ ան այդ բաներուն մասին կը մտածէր, Տիրոջ հրեշտակը յայտնուցաւ իրեն երազի մը մէջ եւ ըսաւ. «Յովսէփ, Դաւիթի որդի, մի՛ վախնար Մարիամը իբրեւ կին առնելէ, որովհետեւ անոր մէջ յղացուածը Սուրբ Հոգիէն է: 21 Ան պիտի ծնի որդի մը, եւ զայն պիտի կոչես Յիսուս [եբրայերէն Յեսու բառին յունարէնը, որ կը նշանակէ՝ Եհովան է Փրկիչ], որովհետեւ ան իր ժողովուրդը պիտի փրկէ իրենց մեղքերէն [այսինքն՝ արգիլէ, որ անոնք ձախողին եւ փախցնեն կեանքի ճշմարիտ նպատակը, որ է Աստուած]»: 22 Այդ բոլորը պատահեցան, որպէսզի կատարուի Տիրոջ խօսքը Եսայի մարգարէին միջոցաւ. 23 «Ահա կոյսը պիտի յղանայ եւ որդի մը պիտի ծնի, եւ անոր անունը Էմմանուէլ պիտի ըլլայ» [Ես 7.14], որ կը նշանակէ՝ Աստուած մեզի հետ: 24 Երբ Յովսէփ արթնցաւ, ըրաւ այնպէս ինչպէս Տիրոջ հրեշտակը պատուիրեր էր: Ան Մարիամը առաւ իբրեւ իր կինը, 25 բայց զայն չգիտցաւ մինչեւ որ ծնաւ որդին, զոր կոչեց Յիսուս: